Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԳՈՒՄԱՐԵԼ ԻՐ ՅԱՋՈՐԴԿԱՆ ՆԻՍՏԵՐԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» գիտաժողովը իր առաջի օրուան աշխատանքները աւարտեց վեց նիստերով։

Բացման նիստէն ետք հանդէս եկաւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ համապարփակ կերպով անդրադարձաւ Ազրպէյճանի աւելի քան մէկ դարէ ի վեր իր սահմանակից երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն դէմ կատարած պատմամշակութային խեղադիւրման քաղաքականութեան։ Ապա, փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան խօսեցաւ «Մեծ Ազրպէյճան» ծրագրին նպատակով համաթուրքական հայեցակարգի հանգրուաններուն եւ այդ մէկուն իրականացման համար աշխարհաքաղաքական շահերու բերումով տարածաշրջանային դերակատարներուն ազդեցութեան մասին։ Դոկտ. Գայիանէ Յովհաննիսեան զեկուցեց Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի վարած ազգային խտրական քաղաքականութեան եւ հակահայ ժողովրդագրական քաղաքականութեան դրսեւորումներուն մասին՝ հիմնական նպատակ ունենալով փոխել շրջանին էթնիկ պատկերը։ Նիստը վարեց փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան։

Երրորդ նիստի ընթացքին փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան իբրեւ զեկուցաբեր լուսարձակի տակ առաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջնային նոր աշխարհառազմավարութիւնը, որուն հիմքը կը կազմեն նոր օսմանականութեան եւ բանթուրքիզմի հայեցակարգերը՝ այս առումով Արցախի հայաթափումը եւ Արցախի ամբողջական կլանումը Ազրպէյճանի կողմէն։ Այս նիստին զեկուցեց նաեւ դոկտ. Կարէն Խանլարեան, որ ընդգծեց Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական դերը համաթուրքական ծաւալապաշտութեան խափանման գործընթացքին մէջ՝ մասնաւորապէս թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպան դաշինքին կողմէ պարբերաբար հնչող «Զանգեզուրի միջանցք» հռետորաբանութեան առումով եւ անդրադարձաւ Իրանի պետական պաշտօնակատարներու դիրքորոշումներուն այս գծով, իսկ Ահարոն Շխրտըմեան ներկայացուց նոր օսմանականութիւնը եւ այս իմաստով տարբեր ոլորտներու մէջ տարուած քաղաքականութիւնները։ Սոյն նիստը վարեց փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան։

Չորրորդ նիստի զրուցավարն էր Ահարոն Շխրտըմեան։ Ելոյթ ունեցան փրոֆ. Արմէն Մարուքեան, որ Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմի քարոզչական-տեղեկատուական ուղղութիւններուն մասին մանրամասնեց եւ դիտել տուաւ, որ Հայաստանն ու Սփիւռքի կառոյցները պէտք է վերանային իրենց գործունէութեան նախկին մարտավարութիւնը եւ որդեգրեն պայքարի նոր մեթոտներ։ Ապա, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան համապարփակ կերպով մատնանշեց Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանական արարքի միջազգային օրէնքի տակ քննարկումը՝ պետական եւ ոչ-պետական կարողականութեան ընձեռած հնարաւորութիւններու ծիրին մէջ եւ կեդրոնացաւ Մեծի Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկոսութեան 2015 թուականին բացած դատին վրայ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով իբրեւ նախադէպ։

Օրուան վերջին նիստով, դոկտ. Իսկուհի Աւանեսեան ներկայացուց Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնները, միջազգային իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումները եւ պատերազմական յանցագործութիւնները։ Փրոֆ. Վահրամ Բալայեան խօսեցաւ Սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն մասին եւ Ազրպէյճանի օգտագործած ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող աշխարհագրական դիրքը եւ ուժանիւթային աղբիւրները, ու անդրադարձաւ Արցախի բռնի տեղահանման հետեւանքներուն եւ կործանարար գործընթացը կանխելու կարելիութիւնները։ Իսկ Եղիա Թաշճեան ներկայացուց Հարաւային Կովկասի շուրջ յետ 2020-ի աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական իրադարձութիւնները եւ ապագայ մարտահրաւէրները։ Նիստը վարեց Տիգրան Եկաւեան։

Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցած զրոյցները աւելիով հարստացուցին ներկայացուած նիւթերը։

www.armenianorthodoxchurch.org

ՏՕՆԵՐ

Կրօնական Տօների Օրացոյց


Երեքշաբթի 08 Հոկտեմբերի 2024;
Տօն՝ կուսանացն Թէղկիի,Վառվառայի եւ Պեղիգեայի

Շաբաթ 12 Հոկտեմբերի 2024;
Տօն թարգմանիչներ Սրբոցն՝ Մեսրոպի,Եղիշէի,Մովսէս Քերթողի,Դաւիթ Անյաղթի,Գրիգոր Նարեկացու եւ Ներսէս Կլայեցու։

Երկուշաբթի 14 Հոկտեմբերի 2024;
Գիւտ նշխարաց Սրբոյն Գրիգորիսի Աղւանից կաթողիկոսի եւ Սրբոց հարցն՝Թաթլոյ,Վարոսի, եւ Թումասու,Անտոնի եւ կրօնիդեայ եւ եօթն խոտաճարակացն,որք յԻննակնեան վանսն կատարեցան։

Երեքշաբթի 15 Հոկտեմբերի 2024;
Տօն՝ Սրբոց առաքելոց Անանիայի,Մատաթիայի,Բառնաբայի, Փիլիպոսի,Յովհաննու, Շիղայի եւ Սիղւանոսի։

Հինգշաբթի 17 Հոկտեմբերի 2024;
Տօն Ս․ Դիոնիսիոս Արիապագացու,Տիմոթէոսի ու Տիտոս առաքեալների։

Շաբաթ 19 Հոկտեմբերի 2024;
Տօն՝ Աւետարանչացն Մատթէոսի,Մարկոսի,Ղուկասի եւ Յովհաննէսի։

Երկուշաբթի 21 Հոկտեմբերի 2024;
Սրբոցն Ղունկիանոսի հարիւրապետին որ հաւատաց ի խաչելութեանն Քրիստոսի եւ Յովսէփայ Աստւածահօրն եւ Յովսէփայ Արիմաթւացոյն եւ բարեկամին Քրիստոսի Ղազարու եւ Քերցն նորա՝ Մարթայի եւ Մարիամու։

Կիրակի 27 Հոկտեմբերի 2024;
Գիւտ Խաչ

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Առօրեայ Աստւածաշնչեան ընթերցումներ




Չորեքշաբթի 30 Հոկտեմբերի 2024;
Գաղատացիներ 5.16-26։ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 7.36-48։

Հինգշաբթի 31 Հոկտեմբերի 2024;
Յովհաննու Ոսկեբերան հայրապետին

Ուրբաթ 01 Նոյեմբերի 2024;
ԱՁ. Պահք ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐ 6.1-13։ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8.4-16։

Շաբաթ 02 Նոյեմբերի 2024;
Տօն ամենայն սրբոց՝ հնոց եւ նորոց, յայտից եւ անյայտից

Կիրակի 03 Նոյեմբերի 2024;
Ը. կիր. զկնի Ս. Խաչի

Երկուշաբթի 04 Նոյեմբերի 2024;
Սրբոցն Ստեփաննոսի Հռովմայ Հայրապետին եւ քահանայիցն, սարկաւագացն եւ ժողովրդոցն

Երեքշաբթի 05 Նոյեմբերի 2024;
Սրբոցն Ակիփսիմեայ եպիսկոպոսին, Յովսեփայ քահանային, Այիթալայ սարկաւագին եւ Պղատոնի վկային

Չորեքշաբթի 06 Նոյեմբերի 2024;
Պահք Եփեսացիներ 1.15-2.3։ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8.22-25։

Հինգշաբթի 07 Նոյեմբերի 2024;
Սրբոց հայրապետացն՝ Մետրոփանոսի, Աղէքսանդրոսի, Պօղոսի խոստովանողին եւ սրբոց նօտարացն Մարկիանսի եւ Մարտիրոնի

Ուրբաթ 08 Նոյեմբերի 2024;
Եփեսացիներ 2.4‐22։ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 8.40‐48։

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ