Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՂՕՔԹ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ»

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2023-ին, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք՝ Հայաստանի վերանկախացման 32-րդ տարեդարձին առիթով եւ Արցախի զօրակցական աղօթք։ Արարողութեան աւարտին Հայրապետին ձեռամբ օրհնուեցան Հայաստանի ու Արցախի դրօշները, ապա Նորին Սրբութիւնը յղեց իր Հայրապետական պատգամը։

Ստորեւ ներկայացւած գրութիւնը Վեհափառ Հայրապետին պատգամն է, զոր տուաւ արարողութեան աւարտին։

«Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կ՚ողջունենք տագնապալից պայմաններու մէջ: Երկար ամիսներու սովէ ու տառապանքէ ետք, այսօր Արցախը կը գտնուի մահուան դէմ յանդիման:

Արդարեւ, Ազրպէյճանի հետզհետէ ծաւալող սպառնալիքներուն ու սադրանքներուն դիմաց, ըրինք զիջումներ, վարեցինք բանակցութիւններ, կատարեցինք յայտարարութիւններ, հրապարակեցինք դատապարտութիւններ, դիմեցինք միջազգային համայնքին, թակեցինք դռները մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր բարեկամներուն: Սակայն, ոչի՛նչ փոխուեցաւ: Ո՛չ ոք լսեց մեզ: Ո՛չ ոք գործնապէս բաժնեց մեր մտահոգութիւնները եւ զօրակից եղաւ մեր իրաւունքներուն: Միւս կողմէ, արիւնարբու թշնամին առաւել կատաղութեամբ շարունակեց իր պատերազմը հայ ժողովուրդին դէմ, զէնքով թէ քարոզչութեամբ, հայկական հողերու վրայ թէ աշխարհի տարածքին՝ դառնալով աւելի անգութ ու յարձակողապաշտ:

Թուրքիան ու Իսրայէլը շարունակեցին իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը իրենց դաշնակից ու բարեկամ Ազրպէյճանին:

Ազրպէյճանի կողմէ ֆինանսաւորուող թուրք քաղաքագէտներ ու հրեայ խախամներ անվերապահօրէն պաշտպանեցին Ազրպէյճանի ցեղապաշտ քաղաքականութիւնը Արցախի ու Հայաստանի դէմ, նոյնի՛սկ դատապարտելով «ցեղասպանութիւն» բառին գործածութիւնը, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհ դարձած մեր ժողովուրդին կողմէ:

Միջազգային համայնքը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն սկսեալ մինչեւ Եւրոպական Միութիւն, բաւարարուեցաւ լոկ կոչեր հրապարակելով:

Ցարդ, ո՛չ մէկ գործնական քայլ՝ ամիսներէ ի վեր շրջափակումի ենթարկուած ու սովամահ դարձած Արցախի ժողովուրդին օգտակար դառնալու: Ո՛չ մէկ շօշափելի նախաձեռնութիւն՝ Արցախի ժողովուրդի պատմական ու մարդկային իրաւունքները պաշտպանող: Եւ աւելի՛ն, Ազրպէյճանը ցեղասպանութիւն է, որ կը փորձէ գործադրել Արցախի հարիւր քսան հազար (120,000) անմեղ հայերուն դէմ՝ քաղաքակիրթ աշխարհին դիմաց...:

Փաստօրէն անպաշտպան ենք ու առանձին:

Կարելի չէ՛ այլեւս հանդուրժել մեր ժողովուրդին դէմ կատարուող սադրանքները, սպառնալիքները, ռմբակոծումները ու յարձակումները: Կարելի չէ՛ այլեւս համակերպիլ պարտադրուած իրավիճակներուն: Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան ու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը միջազգային համայնքին պարտաւորութիւնն է եւ նաեւ ու մանաւանդ մեր ազգին համար առաջնահերթութիւն: Եթէ այսօր յաւերժ կորստեան սեմին գտնուող Արցախը չկարենանք փրկել, վաղը կրնայ Հայաստանը նմանօրինակ կացութեան մէջ գտնուիլ: Զգո՜յշ, հազա՛ր անգամ զգոյշ...:

Ըլլանք արթուն ու հեռատես: Պատահական չեն Ազրպէյճանի կողմէ առնուած զինուորական-քաղաքական յաջորդական քայլերը: Անոնք սերտօրէն ուսումնասիրուած ու ծրագրուած են եւ համահունչ՝ շրջանի աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին եւ շատ հաւանաբար քաջալերուած շրջանի որոշ ոյժերու կողմէ:

Ո՞ւր ենք մենք: Ի՞նչ կ՚ընենք մենք:

Հայաստանը անորոշութեան եւ անտարբերութեան ամպերով է ծածկուած. իսկ արիւնաքամ դարձած Արցախը ամրօրէն կը մնայ պատնէշի վրայ: Պատի՛ւ իրեն: Արցախը մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն ու Հայաստանի ամբողջականութեան, անվտանգութեան եւ անկախութեան պաշտպանութեան առաջին ճակատն է. պէտք է զայն ամէն գնով պահել ամուր:

Արդ, չենք կրնար այլեւս հանդիսատես մնալ ներկայ ահաւոր ու աննախատեսելի վտանգներով լեցուն կացութեան դիմաց՝ սոսկ տագնապելով ու դատապարտելով: Ժողովուրդը կ՚ըսէ՝ բաժակը յորդած է. դանակը ոսկորին է հասած արդէն:

Հետեւաբար, սա պահուն Անթիլիասի Մայրավանքէն կոչ կ՚ուղղենք

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺի

Այո՛, համազգային զօրաշարժ. այլ ընտրանք չկայ:

Սիրելի՛ զաւակներ հայ ազգին, այսօր անցեալը ու ներկան քննադատելու ժամանակը չէ. այսօր Արցախի ներկան ու Հայաստանի ապագան փրկելու ժամանակն է: Համախմբուինք համազգային այս սրբազան տեսլականին ու յանձնառութեան շուրջ՝ մեր ազգին ողջ ներուժով: Հո՛ս է մեր զօրութեան կռուանը:

Հետեւաբար,

Առաջին, պէտք է ողջ հայութիւնը ոտքի ելլէ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ, աշխարհին դիմաց արտայայտելով իր խոր ընդվզումը ու անխախտ միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:

Երկրորդ, պէտք է շուտով համազգային մաշտապով հանդիպում մը կազմակերպուի – հրամայական անհրաժեշտութիւն մը, որուն մասին նախապէս անդրադարձած ենք – մասնակցութեամբ մեր ազգին հոգեւոր, քաղաքական, պետական ու կուսակցական ղեկավարներուն, ճշդելու համար նոր ռազմավարութիւն ու մարտավարութիւն, իրատես ու խոհեմ մօտեցումով: Արդարեւ, աշխարհաքաղաքական շահերու բախումի յորձանուտին մէջ, հրամայական է որ Հայաստանը հաւասարակշռուած դիրքորոշումներ որդեգրէ՝ հեռու մնալով միակողմանի մօտեցումներէ:

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Վստահինք մեր սեփական ոյժին: Մեր ազգին ոյժը իր հաւաքական հաւատքին, վճռակամութեան ու միութեան մէջ է: Ա՛յլ ճամբայ չունինք մեր դիմաց: Եկէ՛ք միասնաբար քալենք այս ճամբէն՝ վերանորոգ հաւատքով զօրացած ու վառ յոյսով շաղախուած»:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
21 Սեպտեմբեր 2023
Անթիլիաս

www.armenianorthodoxchurch.org

ՏՕՆԵՐ

Կրօնական Տօների Օրացոյց


Հինգշաբթի 28 Մարտի 2024;
Աւագ հինգշաբթի

Ուրբաթ 29 Մարտի 2024;
Աւագ ուրբաթ

Շաբաթ 30 Մարտի 2024;
Ճրագալոյց

Կիրակի 31 Մարտի 2024;
Սուրբ Յարութիւն կամ Զատիկ

Կիրակի 07 Ապրիլի 2024;
Կրկնազատիկ եւ Աւետումն Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստւածածնի

Կիրակի 14 Ապրիլի 2024;
Կանաչ կամ Աշխարհամատրան Կիրակի

Կիրակի 28 Ապրիլի 2024;
Սուրբ Խաչի Երեւման Տօն

Հինգշաբթի 09 Մայիսի 2024;
Համբարձման Տօն

Կիրակի 12 Մայիսի 2024;
Երկրորդ Ծաղկազարդ

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Առօրեայ Աստւածաշնչեան ընթերցումներ




Կիրակի 21 Ապրիլի 2024;
Դ կիր. (Կարմիր Կիւրակէ)

Երկուշաբթի 22 Ապրիլի 2024;
ԻԳ օր Յինանց

Երեքշաբթի 23 Ապրիլի 2024;
ԻԴ օր Յինանց

Չորեքշաբթի 24 Ապրիլի 2024;
ԻԵ օր Յինանց

Հինգշաբթի 25 Ապրիլի 2024;
ԻԶ օր Յինանց

Ուրբաթ 26 Ապրիլի 2024;
ԻԷ օր Յինանց

Շաբաթ 27 Ապրիլի 2024;
ԻԸ օր Յինանց

Կիրակի 28 Ապրիլի 2024;
Ե կիր. Տօն Երեւման Ս. Խաչի

Երկուշաբթի 29 Ապրիլի 2024;
Լ օր Յինանց

Երեքշաբթի 30 Ապրիլի 2024;
ԼԱ օր Յինանց

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ