Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսի պատգամը՝ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին (18-20 սեպտեմբերի 2017, Երեւան)

Ջերմօրէն կողջունենք Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատւութիւն» խորագրին տակ դնելու ճիշտ որոշումը. եւ կը յուսանք, որ ներկայ համաժողովը կը դառնայ Հայաստան-Սփիւռք իրապաշտ երկխօսութեան եւ համահայկական խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու լուրջ քննարկման եզակի առիթ:

Կողջունենք յատկապէս համաժողովի խորագրին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած «վստահութիւն» բառը: Արդարեւ, որեւէ ձեւի ու բնոյթի գործակցութիւն, ուր վստահութիւնը բացակայ է, կը դառնայ կեղծ ու վնասաբեր: Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ երկուստեք սխալներ եղան: Հայաստան եւ Սփիւռք զիրար չէին ճանչնար, անվստահութեան մթնոլորտ մը կար, որ իր բացասական հետեւանքները ունեցաւ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս:

Արդ, աւելի քան 25 տարիներու մեր փորձառութեան լոյսին տակ, փոխադարձ վստահութիւնն ու պատասխանատւութիւնը, աւելի ճիշտ է ըսել հաւաքակա՛ն պատասխանատւութիւնը, գեղեցիկ լոզունգէ անդին՝  կեանքի պէտք է վերածւի՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ դերերու յստակեցումով, առաջնահերթութիւններու ճշտումով ու գործակցութեան նոր որակ տալով: Ա՛յս է մեր ազգը իր հայրենիքով ու Սփիւռքով դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդող միակ ապահով ճամբան: Ա՛յս գիտակցութեամբ հարկ է համազգային մտածողութեան մշակոյթ ստեղծել, հաւաքաբար ծրագրել ու գործել: Ա՛յս տեսլականով հարկ է բացւիլ նոր հորիզոններու ու քաջօրէն դիմագրաւել մեզ շրջապատող մարտահրաւէրներն ու տագնապները:

Կը գտնւինք մեր պատմութեան մէկ վճռադրոշմ խաչմերուկին դիմաց: Եկէք ըլլանք իրապաշտ ու անկեղծ: Հայաստանը կը պարպւի, իսկ Սփիւռքը կը մաշի: Այս վտանգալից իրականութեան դիմաց պատահական նախաձեռնութիւններ չեն կրնան մեր տագնապները լուծել եւ վէրքերը դարմանել: Ժամանակի նշաններէ պէտք է ճիշտ կարդալ, ախտաճանաչումը պէտք է ճիշտ կատարել եւ համապատասխան կողմնորոշումներ ճշտել ու ազդու միջոցներու դիմել: Անհրաժեշտ է Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը դուրս բերել պատահական տնտեսական ներդրումներու ու թուրիստական այցելութիւններու շրջագծէն եւ զայն դարձնել մեր ազգային քաղաքականութեան կարեւոր հիմքերէն մէկը: Ամբողջական Հայաստանի տեսլականը ունենալով մեր ազգային գաղափարախօսութեան հէնքը ու նպատակը, ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՄՈՒՐ ԱՐՑԱԽ ու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ՍՓԻՒՌՔ պէտք է դառնան մեր ազգային քաղաքականութեան ռազմավարական ու մարտավարական ուղեցոյցը: Ազգային այս գաղափարախօսութեամբ ու տեսլականով ամրագրւած ազգային քաղաքականութիւնը անկասկած իր շուրջ պիտի համախմբէ մեր ազգին բոլոր զաւակները, մարդուժն ու ներուժը, միաժամանակ մղիչ ուժը դառնալով համահայկական մտածողութեան կազմաւորման ու գործելակերպի զարգացման:

Շրջափակումի ենթարկւած Հայաստանը պատերազմի մնայուն վտանգին դիմաց է: Արդ, Հայաստանի անվտանգութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է, եւ սա առաջին հերթին կը պահանջէ հայրենի մեր ժողովուրդին ամուր կապւածութիւնը իր հողին: Հայրենիքը հող ու ժողովուրդ է՝ պետութիւն ու տնտեսութիւն ըլլալէ առաջ: Հաւատարմութիւն հայրենիքին նկատմամբ վեր է ամէն տեսակ նկատումներէ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի՝ արտագաղթը նւազեցնելու եւ Հայաստանի բնակչութեան թւային աճը ապահովելու ձգտող կոնկրետ միջոցներու կիրարումը: Հարկ է ըլլալ զգոյշ: Եթէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումը ընթանայ համրաքայլ եւ փտածութեան առաջքը առնելը դառնայ դժւար, եւ միւս կողմէն՝ եթէ ժողովուրդի կենսամակարդակը չդառնայ գոհացուցիչ, արտագաղթը նոյն թափով կրնայ շարունակւիլ եւ աղքատութիւնը դառնալ աղբիւր ամէն տեսակ հասարակական ու բարոյական չարիքներու:

Դիւրին է այս հարցերուն մասին խօսիլը, գիտե՛նք. հեշտ է նաեւ քննադատելը, դարձեա՛լ գիտենք. էականը մեր ցաւերուն դարման որոնելու իմաստութիւնը, կամքն ու յանձնառութիւնը ունենալն է: Արդ, սպասելի է, որ բարեփոխեալ սահմանադրութեամբ դէպի կառավարման աւելի թափանցիկ ու հաշւետու կառոյցներ ու գործընթացներ ընթացող Հայաստանը կարենայ, նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ընձեռած կարելիութիւններու ճիշտ օգտագործումով, լուծումներ որոնել յիշեալ եւ այլ հիմնահարցերուն:

Հայաստան եւ Սփիւռք սոսկ գործընկերներ կամ գործակիցներ չեն սովորական առումով, այլ՝ նո՛յն ազգի ու հայրենիքի զաւակներ: Ա՛յս հայեցակէտով պէտք է ծրագրւի ու հունաւորւի Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը: 27 տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդի երկու հատւածներուն միջեւ զարգացած կապերը, իրենց դրական թէ բացասական երեսներով, մեզ պէտք է մղեն տարբեր որակ ու արեւելում տալու մեր գործակցութեան: Տեղքայլը նահանջ է, իսկ նահանջը արտօնելի չէ տագնապներով ու մարտահրաւէրներով շրջապատւած մեր ազգին ու հայրենիքին համար:

Սիրելի՛ հայորդիներ, Հայաստանը զբօսավայր չէ՛, բիզնեսի շուկայ չէ՛, անցագիր չէ՛. վա՜յ մեզի երբ միայն այսպէ՛ս մօտենանք Հայաստանին: Հայաստանը աշխարհի վրայ ինքզինք հայ դաւանող հայուն տո՛ւնն է՝ անցեալի, ներկայի ու ապագայի տունը: Մեր հաւաքական տան նկատմամբ ընելիք ու ըսելիք ունինք եւ պէտք է ունենանք: Պիտի հզօրացնենք ու ծաղկեցնենք Հայաստանը մեր ողջ կարողականութեամբ: Սա իւրաքանչիւր հայուն սրբազան ուխտը պէտք է դառնայ:

Արդ, մէկ կողմէն՝ բարեսիրական գործերով եւ միւս կողմէն՝ «եկէք բիզնես արէք» ըսելով, որքան ալ գնահատելի ըլլան նման նախաձեռնութիւններ ու կոչեր, չենք կրնար հզօր Հայաստան կերտել: Սփիւռքը պատահական ներդրումներէն անդին կոչւած է լայնածաւալ ու երկարաշունչ ծրագիրներով մասնակից դառնալու Հայաստանի տնտեսութեան աճման: Սփիւռքի տնտեսական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծաւալումը կենթադրէ գործակցութեան դինամիկ մեխանիզմներու ստեղծում՝ համաշխարհայնացած տնտեսութեան ընձեռած լայն միջոցներու օգտագործումով:

Սակայն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը միայն տնտեսական շրջագծէն ներս պէտք չէ դիտել: Սփիւռքի դերը Հայաստանի նկատմամբ սոսկ բիզնես ընել չէ: Սփիւռքը մասնագիտութեամբ թրծւած հարուստ փորձառութիւն է. Սփիւռքը պահանջատիրական ոգիով շաղախւած երիտասարդութիւն է. Սփիւռքը բազմաթիւ ու բազմազան կարելիութիւններով օժտւած հարուստ շտեմարան է: Սփիւռքը անբաժան ու անբաժանելի մասն է հայութեան: Հետեւաբար, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ մարզերէն ներս ծրագրւած գործակցութեան կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ լրջօրէն մտածել Սփիւռքի փորձագէտները ու մասնագէտները Հայաստանի կառավարման կառոյցներուն գործնապէս մասնակից դարձնելու միջոցներուն մասին: Այս մօտեցումով միայն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը իր լիարժէք իմաստը կը ստանա:

Արցախը, բնականաբար նաեւ Հայաստանը, կը գտնւին ոչ պատերազմ եւ ոչ խաղաղութիւն իրավիճակի մէջ: Այս անորոշ կացութեան երկարաձգումը լուրջ վտանգ մըն է Հայաստանի համար: Թերեւս այսպէ՛ս կուզեն թէ՛ մեր բարեկամները եւ թէ՛ ոչ-բարեկամները՝ մեկնելով շրջանի իրենց աշխարհաքաղաքական շահերէն: Մեր դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ազգին ու հայրենիքին փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջն է եւ մեր հաւաքական ուժին ու վճռակամութեան հարազատ արտայայտիչը հայոց արի բանակն է: Իւրաքանչիւր հայ զինւոր մըն է հայոց բանակին. զինւոր՝ նիւթապէս նեցուկ դառնալով անոր զօրացման եւ ի պահանջեալ հարկին՝ իր արիւնը թափելով ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան:

Սփիւռքի վերակազմակերպումը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Ըսած ենք ու կը կրկնենք.- Սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանի հզօրացումն է, եւ՝ փոխադարձաբար: Հարկ է ըլլալ իրատես ու հեռատես: Եթէ բազմերանգ ու բազմաշերտ դարձած Սփիւռքը իր ներուժի ներդաշնակման առաջնորդող հաւաքական ուղեգիծեր չճշտէ, հետզհետէ պիտի ընթանայ դէպի կազմալուծում ու մաշում:

Հայաստանը կարեւոր դեր ունի կատարելիք Սփիւռքի հայօրէն վերակենսաւորման, յատկապէս մշակութային ու կրթական մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման գծով: Արդարեւ, Սփիւռքի հայերուն քաղաքացիութիւն շնորհելը կարեւոր քայլ մըն էր:

Լուրջ տագնապի մէջ գտնւող գաղութի մը, օրինակ Սիրիոյ հայութեան նկատմամբ Հայաստանի պետութեան ցուցաբերած քաղաքական եւ մարդասիրական աջակցութիւնը այլապէս կարեւոր քայլ մըն էր: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Հռչակագիրը պատմական նշանակութիւն ունէր: Անհրաժեշտ է մէկ ազգի ու հայրենիքի պատկանելիութիւնը ամրագրող կոնկրետ նախաձեռնութիւնները շարունակել նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի համահայկական նշումը, վստահաբար նոր շեշտ պիտի տայ մեր ազգային միասնականութեան: Եւ աւելի՛ն, փոխադարձ զիջումներով միացեալ ուղղագրութեան հաստատումը, արեւմտահայերէնի պահպանութեան գծով Հայաստանի պետութեան զօրակցութիւնը անկասկած պիտի դառնան մեր միասնականութեան ամրակուռ սիւները:

Սակայն չմոռնանք երբեք, որ ազգ մը միացնողը, ամրացնողը ու յաւերժացնողը իր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներն են: Հետեւաբար, թոյլ չտանք, որ մեր ազգին արժէքները ապականին, մեր արժէքներու համակարգը խախտի: Արդարեւ, մեր ազգին մտահոգութիւնները ու կարելիութիւնները լուրջ քննարկումի ու համակարգումի ենթարկող եւ ազգային միասնականութեան տեսանելի արտայայտութիւն տւող Համազգային խորհուրդի մը ստեղծումը կը նկատենք անյետաձգելի հրամայական:

Այսօրը ծրագրել կը նշանակէ վաղը երաշխաւորել: Ազգին տան հիմքը ամրացնելը կենթադրէ ազգին բեկորները ի մի խմբող վստահութիւնը ամրապնդել ու ներուժը զօրաշարժի ենթարկել: Այլապէս սոսկ լոզունգներ հնչեցնելով փակ օղակներու մէջ պիտի մնանք: Չվստահինք աշխարհաքաղաքական շահերով պայմանաւորւած ուրիշներու բարեկամութեան: Վստահինք մեր սեփական ուժին ու միասնականութեան, մեր հաւատքին ու վճռակամութեան: Յ. Շիրազի բառերով՝ «Բա՛ւ է հայեր ցրւած մնաք մատներիս պէս. բռունցքւելն է՝ յաւերժութիւնը Հայաստանի»: Ա՛յս է դարերէն եկող ու դարերուն գացող պատգամը հայոց պատմութեան:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Սեպտեմբեր 18, 2017

Անթիլիաս, Լիբանան

 

 

ՏՕՆԵՐ

Կրօնական Տօների Օրացոյց


Կիրակի 24 Մարտի 2024;
Ծաղկազարդ

Երկուշաբթի 25 Մարտի 2024;
Աւագ երկուշաբթի

Երեքշաբթի 26 Մարտի 2024;
Աւագ երեքշաբթի

Չորեքշաբթի 27 Մարտի 2024;
Աւագ չորեքշաբթի

Հինգշաբթի 28 Մարտի 2024;
Աւագ հինգշաբթի

Ուրբաթ 29 Մարտի 2024;
Աւագ ուրբաթ

Շաբաթ 30 Մարտի 2024;
Ճրագալոյց

Կիրակի 31 Մարտի 2024;
Սուրբ Յարութիւն կամ Զատիկ

Կիրակի 07 Ապրիլի 2024;
Կրկնազատիկ եւ Աւետումն Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստւածածնի

Կիրակի 14 Ապրիլի 2024;
Կանաչ կամ Աշխարհամատրան Կիրակի

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ