ԱՆԹԻԼԻԱՍ - 16-17 Յունուար 2017-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը իր անդրանիկ նիստը գումարեց Լիբանանի Աւետարանական Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան, Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեան։
Ժողովականները երկու օրուան վրայ տարուած աշխատանքով քննարկեցին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի կառոյցին եւ առաքելութեան հետ կապուած հարցերը, որոնք փոխանցուած էին Սեպտեմբեր 2016-ին Յորդանանի մայրաքաղաք` Ամմանի մէջ կայացած 11-րդ համաժողովին կողմէ։ Ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հայր Միշէլ Ժալըխը խորհուրդի վերջին չորս ամիսներու գործունէութեան մասին իր տեղեկագիրը ներկայացուց։ Ապա, ժողովականները լայնօրէն քննարկեցին խորհուրդի ծրագրային, վարչական, տնտեսական ու յարաբերական երեսներուն առնչուած շարք մը հարցեր ու որդեգրեցին համապատասխան որոշումներ։
Յայտնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդական երկու շրջաններուն՝ «2006-2016» նախագահներէն մէկն էր յիշեալ խորհուրդին։ Ամմանի համաժողովին «Սեպտեմբեր 2016» Վեհափառ Հայրապետը ընտրուեցաւ Պատուոյ Նախագահ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին։