Ուրախութեամբ յայտնում ենք, որ թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգսեան շնորհաւորական յատուկ նամակ է ստացել Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Ազնւափայլ տկն. Հրանուշ Յակոբեանից, որով տիկին նախարարը իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները յայտնում է Առաջնորդ Սրբազանին։
Ստորեւ տալիս ենք նամակը…
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻՆ
Սրբազան Հայր,
Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ Ձեր ծննդեան 70-ամեակի առթիվ։ Մեծ ոգեւորութիւն է ունենալ Ձեզի պէս հայրենակից եւ նուիրեալ հոգեւորական, որուն անխոնջ աշխատանքն ու իմաստութիւնը հպարտութիւն կ՛առթէ իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ։
Գնահատելի է Ձեր բազմամեայ աշխատանքը Թեհրանի Հայոց թեմի հայապահպան գործունէութեան մէջ։ Դուք Ձեր ջանքերը ուղղած էք նաեւ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի Սփիւռքի հայկական համայնքներու հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական գործունէութեան, մատաղ սերունդի մէջ ջամբելով ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն։
Իւրաքանչիւր շփում Ձեզի հետ առաւել կը հարստացնէ եւ մարդասէր կը դարձնէ մեզ, Դուք Ձեր իմաստուն խորհուրդներով, խրատներով Սփիւռքի հիմնախնդիրներու մասին Ձեր տեսլականով մեծապէս կ՛օգնէք մեզ ճիշտ ուղղորդուելու։ Անմոռանալի են Թեհրան այցելութիւններուս ընթացքին Ձեր ջերմ եւ հոգատար վերաբերումը, ընդունելութիւնները եւ Ձեր կողմէն տրուած գնահատականները, որոնք վկայութիւնն են Ձեր պատկառելի անձնաւորութեան։
Յիրաւի, անգնահատելի է Հայ Եկեղեցւոյ միջազգային հեղինակութեան բարձրացման միտուած Ձեր աշխատանքները, զորս կ՛իրականցնէք միջեկեղեցական եւ միջկրօնական ոլորտներէն ներս։
Դուք բազմիցս ապացուցած էք Ձեր նուիրումն ու անմնացորդ ծառայութիւնը Հայրենիքին։ Քառօրեայ պատերազմէն ետք Ձեր այցելութիւնը Հայրենիք եւ Արցախ, անմիջական շփումը մեր բանակի քաջարի մարտիկներուն հետ, Ձեր զօրաւիգ ու գօտեպնդող կեցուածքը այս բոլորի առհաւատչեան է։
Սրբազան Հայր,
Խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Ձեզի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան տարբեր ծրագրերուն Ձեր աջակցութիւնը ցուցաբերելու եւ հայրական օրհնութիւնը տալու համար։
Վստահ եմ, որ Թեհրանի Հայոց թեմը Ձեր բարեխնամ առաջնորդութեամբ պիտի շարունակէ համայնքի ազգային ու միութենական աշխատանքներու իրականացումը, պիտի նպաստէ Հայրենիքի եւ համայնքի միջեւ կապերու առաւել սերտացման։
Ձեզի կը մաղթեմ երկար տարիներու առողջութիւն, արեւշատ կեանք, նոր նուաճումներ ու բազմաթիւ յաջողութիւններ ազգանուէր բոլոր նախաձեռնութիւններու մէջ։
Թող Ամենակալ Աստծոյ Աջը միշտ ուղեկից եւ հովանի ըլլայ Ձեզի։
ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ՝
ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ