Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



ՀԱՄԱԽՄԲՒԻՆՔ ԱԶԳԻ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Նոր տարւան սեմին, քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։

Նոր տարին մարդը, անհատապէս թէ հաւաքաբար, ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան հրաւիրող պահ է։ Եկէք պահ մը մեր հայեացքները սեւեռենք հայ կեանքին վրայ։

Ինչպէս համայն մարդկութիւնը, նոյնպէս մեր ժողովուրդը կը շարունակէ ապրիլ համաճարակին ստեղծած դժւար պայմաններուն մէջ։ Սփիւռքի բոլոր գաղութները, առաւել կամ նւազ չափով, կը դիմագրաւեն այլազան մտահոգութիւններ։ Այս ծիրէն ներս, յատկապէս Լիբանանի հայութիւնը կապրի ծանր օրեր՝ տնտեսական աննախնթաց տագնապին հետեւանքով։ Հակառակ ներկայ դառն պայմաններուն, մենք պիտի շարունակենք վերանորոգ հաւատքով ու վճռակամութեամբ, վերականգնումի մեր հաւաքական երթը՝ միշտ ըլլալով մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ու անոնց կողքին։

Արդարեւ, 2022 տարին հռչակած ենք Սփիւռքի տարի։ Կը հրաւիրեմ մեր բոլոր կառոյցները, մամուլը, մտաւորականները եւ գաղութները՝ իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ հայեացքով եւ այս առիթով հրապարակած Մեր Հայրապետական Գիրը ունենալով որպէս ուղեցոյց, նախ, ինքնարժեւորումի ենթարկելու եւ ապա վերակազմակերպումի առաջնորդելու Սփիւռքը։ Սա հրամայական ու անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է։

Դառնանք Հայաստանին։ Մեր հայրենիքը կը շարունակէ անորոշութեան ու յուսահատութեան ալիքներու մէջ օրօրւիլ։ Մէկ կողմէն՝ ներ-Հայաստանեան քաղաքական լարւած մթնոլորտը կը ջլատէ մեր հաւաքական ուժը։ Միւս կողմէն՝ թշնամին յաղթապանծ դիրքերէ պայմաններ կը դնէ Հայաստանին՝ անտեսելով Հայաստանին հողային ամբողջականութիւնը ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային օրէնքը
Այո՛, մենք փոքր երկիր ենք. հարկ է իրատես մօտեցում ունենալ տարածաշրջանի ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին նկատմամբ։ Սակայն, այդ չի նշանակեր, որ Հայաստանը ըսելիք պիտի չունենայ իր ազգային շահերուն առնչւած եւ իր ներկան ու ապագան ճշտող խնդիրներուն գծով։

Այո՛, տարածաշրջանէն ներս համապարփակ ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման համաձայն ենք, բայց ո՛չ պարտւողական ու զիջողական դիրքերէ։ Այո՛, տարածաշրջանէն ներս տնտեսական զարգացումներու նըպաստող ծրագիրներու համաձայն ենք, բայց ո՛չ ի հեճուկս Հայաստանի ու Արցախի գերիշխանութեան, անկախութեան, անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան։

Այսօր, Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի կողմէ համադրւած պանթուրանական ռազմավարութիւն մը կը փորձւի ի գործ դրւիլ Հայաստանի եւ ամբողջ շրջանին նկատմամբ։ Ըլլանք զգօն ու հեռատես։ Արդարեւ, որեւէ համաձայնագրի ստորագրութիւն Ադրբեջանի հետ, ուր Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ներառւած է Արցախը, նոյնպէս, որեւէ համաձայնութիւն Թուրքիայի հետ, որ կընդունի Թուրքիայի բացայայտ նախապայմանները, փաստօրէն Հայաստանի կողմէ խախտում պիտի ըլլայ Անկախութեան Հռչակագրին եւ Սահմանադրութեան սկզբունքներուն։ Նման վտանգալից քայլերու նկատմամբ Սփիւռքը չի կըրնար անտարբեր մնալ։ Համահայկական խնդիրներու քննարկման մէջ Սփիւռքը իր գործօն մասնակցութիւնը պէտք է ունենայ՝ ինչպէս յաճախ շեշտած ենք։ Մեր թշնամիները ու բարեկամները պէտք է իմանան, որ Հայաստանը անտէր չէ, որբ չէ, ողջ Սփիւռքը իր կողքին է, հայութիւնը մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն է։

Ինչ-ինչ պատճառներով ճակատամարտ մը կորսնցուցինք, բայց ոչ՝ պատերազմը։ Ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ամրապնդման եւ մեր ազգային իրաւունքներու վերահաստատման համահայկական պայքարը կը շարունակւի…։
Համահայկական պայքարը պէ՛տք է շարունակւի՝
- Հայոց Բանակը վերակազմակերպելով ու զայն արդիական զէնքերով օժտելով։
- մեր սահմանները պաշտպանելով, ի պահանջել հարկին ժողովըրդային դիմադրութեան դիմելով։
- մարտունակ ոգիով բանակցութիւններ վարելով։
- համախմբւելով հայրենիքի գերագոյն ու ընդհանրական շահերուն շուրջ։
Եկէ՛ք վերանորոգենք մեր ազգային ուխտը, եւ առաւել հաւատքով ու կամքով գօտեպնդւած ողջունենք զիրար ըսելով՝ Շնորհաւոր Նոր Տարի։ Թող Աստւած օրհնէ մեր ազգին բոլոր զաւակները եւ ամէն տեսակի չարէ ու չարիքէ հեռու պահէ մեր ազգն ու հայրենիքը։

26 դեկտեմբերի,2021
Անթիլիաս, Լիբանան

ՏՕՆԵՐ

Կրօնական Տօների Օրացոյց


Կիրակի 24 Մարտի 2024;
Ծաղկազարդ

Երկուշաբթի 25 Մարտի 2024;
Աւագ երկուշաբթի

Երեքշաբթի 26 Մարտի 2024;
Աւագ երեքշաբթի

Չորեքշաբթի 27 Մարտի 2024;
Աւագ չորեքշաբթի

Հինգշաբթի 28 Մարտի 2024;
Աւագ հինգշաբթի

Ուրբաթ 29 Մարտի 2024;
Աւագ ուրբաթ

Շաբաթ 30 Մարտի 2024;
Ճրագալոյց

Կիրակի 31 Մարտի 2024;
Սուրբ Յարութիւն կամ Զատիկ

Կիրակի 07 Ապրիլի 2024;
Կրկնազատիկ եւ Աւետումն Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստւածածնի

Կիրակի 14 Ապրիլի 2024;
Կանաչ կամ Աշխարհամատրան Կիրակի

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ