Լեզու | زبان

Search

Կապ մեզ հետ

خیابان استاد نجات الهی، شماره 295
تهران 1598873311

No.295, Ostad Nejatollahi Ave.,
Tehran - IRAN

Tel: (+98-21) 88901634, 88901635,
88901636, 88897980, 88897981

Fax: (+98-21) 88892617

info@tehranprelacy.com


Թ. Հ. Թեմի Յարաբերական Մարմնի հետ կապւելու համար՝
pr@tehranprelacy.com



ԱՐԱՄ Ա ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՔԱՋԱԼԵՐՈՒՄ Է ՄԱՍՆԱԿՑԵԼ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն․Ս․Օ․Տ․Տ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ նամակի յղմամբ Իրանի երեք Թեմերի Առաջնորդներին յորդորում է քաջալերելու իրենց հովանու ներքոյ գտնւող հաւատացեալներին մասնակցելու ԻԻՀ նախագահական ընտրութիւններին:

Ստորեւ ներկայացւում է Վեհափառ Հայրապետի հայրական պատգամը.

Գերաշնորհ
Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան
Առաջնորդ
Թեհրանի Հայոց թեմին

Գերաշնորհ
Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան
Առաջնորդ
Ատրպատականի Հայոց թեմին

Գերաշնորհ
Տ. Սիփան Եպս. Քէչէճեան
Առաջնորդ
Սպահանի Հայոց թեմին

Սիրելի՛ Առաջնորդ Սրբազան Հայրեր,

Ինչպէս գիտէք, յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը։ Մեր ջերմ թելադրութիւնն է ձեզի, որ կոչ ուղղէք ձեր հոգեւոր խնամքին յանձնուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ որպէս լիիրաւ եւ հաւատարիմ քաղաքացիներ իրենց համար նուիրական պարտականութիւն նկատեն մասնակցութիւն բերելու ընտրութեան։

Արդարեւ, պատմութեան մէջ իր խոր արմատները ունի հայ եւ իրանցի ժողովուրդներու բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը։ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ դարերէ ի վեր հաստատուած հայ համայնքը անբաժան մասը կը կազմէ իրանեան ընկերութեան, եւ որպէս գիտակից քաղաքացի իր պարտականութիւնները լիովին կը կատարէ՝ իր գործօն ու ամբողջական մասնակցութիւնը բերելով երկրին առաւել զարգացման ու յառաջադիմութեան։ Անհրաժեշտ է նոյն հաւատքով ու յանձնառութեամբ պահել մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամուր կապուածութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նկատմամբ։

Քաջատեղեակ էք, որ սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ։ Արդարեւ, մեր Կաթողիկոսութեան ընտրութեան առաջին տարիներուն եւ իրանի մեր երեք թեմերու Հոգեւոր Առաջնորդներուն ու Թեմական Խորհուրդներուն գործակցութեամբ սկսուած երկխօսութիւնը մեր Սուրբ Աթոռին եւ Իրանի միջեւ՝ բարոյական, ընկերային ու կրօնական խնդիրներու շուրջ նոյն թափով կը շարունակուի, Թեհրանի ու Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցող համագումարներու ճամբով։ Փոխադարձ այցելութիւնները մեր Սուրբ Աթոռին եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատասխանատուներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ մեր Առաջնորդ Սրբազաններուն գործակցութիւնը պետական մարմիններուն հետ եւ անոնց մասնակցութիւնը կազմակերպուած կրօնական համագումարներուն, վստահաբար աւելի կ՛ամրապնդէ մեր գործակցութիւնն ու բարեկամութիւնը։

Այս առիթով Մեր ջերմ շնորհակալութիւնը կ՛ուզենք յայտնել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հոգեւոր Առաջնորդ Այաթոլլահ Խամենէիի հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերած իր հոգածու վերաբերումին համար։ Մեր բարձր գնահատանքը՝ պետական ու կրօնական բոլոր պատասխանատու մարմիններուն, որոնք մեր Առաջնորդ Սրբազաններուն, Թեմական Խորհուրդներուն ու համայնքային կառոյցներուն հետ սերտօրէն կը գործակցին եւ անմիջական լուծումներ կու տան մեր համայնքին առնչուած ծրագիրներուն ու խնդիրներուն։

Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը, իր պատասխանատուներով ու ժողովուրդով, հեռու պահէ ամէն տեսակ վտանգներէ ու չարիքներէ, եւ զայն առաջնորդէ դէպի առաւել բարգաւաճում ու զարգացում։

Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ՏՕՆԵՐ

Կրօնական Տօների Օրացոյց


Կիրակի 24 Մարտի 2024;
Ծաղկազարդ

Երկուշաբթի 25 Մարտի 2024;
Աւագ երկուշաբթի

Երեքշաբթի 26 Մարտի 2024;
Աւագ երեքշաբթի

Չորեքշաբթի 27 Մարտի 2024;
Աւագ չորեքշաբթի

Հինգշաբթի 28 Մարտի 2024;
Աւագ հինգշաբթի

Ուրբաթ 29 Մարտի 2024;
Աւագ ուրբաթ

Շաբաթ 30 Մարտի 2024;
Ճրագալոյց

Կիրակի 31 Մարտի 2024;
Սուրբ Յարութիւն կամ Զատիկ

Կիրակի 07 Ապրիլի 2024;
Կրկնազատիկ եւ Աւետումն Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստւածածնի

Կիրակի 14 Ապրիլի 2024;
Կանաչ կամ Աշխարհամատրան Կիրակի

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ

Հայկական անձնանուններ

Հայ ազգի արժանիքներին լաւածանօթ և նրա արժէքներով հպարտ հայ ծնողի համար մեծ նշանակութիւն ունի իր գալիք սերնդի հայապահպանման գործընթացը, մասնաւորաբար սփիւռքեան պայմաններում:
Ուստի, այս ուղղութեամբ նորամանկան սպասող ընտանիքներին օժանդակելու նպատակով է, որ օգտւելով հայկական եւ եւրոպական տարբեր աղբիւրներից, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջի վրայ է տեղադրւում Հայկական անձնանունների ցանկը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐ